2014-12-05 08:11:33

Յիսնակաց շրջանի մտածականները առաքելական պալատի` ''Redemptoris Mater'' մատրան մէջ։


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) Ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին, Վատիկանի ''Redemptoris Mater'' մատուռին մէջ, դեկտեմբեր ամսուայ ամէն ուրբաթ օր (5 - 12 եւ 19), առաւօտեան Ժամը 9ին, տեղի կ՛ունենայ Յիսնակաց շրջանի աւանդական խորհրդածութիւններու նիստը որուն հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու` կարդինալական դասը, արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, Վատիկանի վերին իշխանութեան դասի անդամները ինչպէս նաեւ Քահանայապետական միաբանութիւններու մեծաւորները։ Մտածականներու նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանիչկոս Պապը։
Այսօր` Ուրբաթ 5 դեկտեմբերի առաւօտեան, առաքելական պալատի ''Redemptoris Mater'' մատրան մէջ, սկիզբ առին յիսնակաց շրջանի աւանդական մտածականներու շարքը, զոր կատարեց Քահանայապետական տան քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Քանթալամեսսան եւ որուն` Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ 2,14) քաղուած` այս տարուայ նիւթն է '' Երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց` Աստուծոյ սիրելիներուն''։
''Նիւթը ընտրուած է ի տես խաղաղութեան ցաւալի իրավիճակին, զուգորդուած այն անհրաժեշտութեան, այս բառին տալու հարուստ այն նշանակութիւնը որ պարփակուած է Աստուածաշունչին մէջ'' յայտնած է Հայր Քանթալամեսսան։
Առաջին օրուայ խորհրդածութիւնը նուիրուած է ''խաղաղութիւնը որպէս մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւ'' նիւթին։ Երկրորդ նիստը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ուրբաթ 12 դեկտեմբերին, ունի որպէս նիւթ` ''խաղաղութիւնը որպէս աշխատասիրութեան պարտականութիւն'' ներշնչուած երանութիւններէն` ''երանի խաղարարներուն'', մինչ երրորդ նիստի ընթացքին, որ նախատեսուած է 19 դեկտեմբերին, խորհրդածութիւնը պիտի կեդրոնանայ ''խաղաղութիւնը որպէս Սուրբ Հոգւոյն պարգեւ, հոգիի ներքին խաղաղութիւնը'' նիւթին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.